ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՉՈՐՍ ՁԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՐՇԱՒԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ԱԶԴԷ ՔԵԶԻ
Չորս ձիաւորները որո՞նք են
Թերեւս չորս ձիաւորները խորհրդաւոր եւ վախնալիք կ’երեւին, բայց պէտք չունինք անոնցմէ սարսափելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը եւ արդի պատմութեան դէպքերը մեզի կ’օգնեն, որ յստակօրէն գիտնանք թէ իւրաքանչիւր ձիաւոր ի՛նչ կը ներկայացնէ։ Եւ թէեւ անոնց արշաւը մեծ նեղութիւններ պատճառած է երկրի վրայ, բայց ատիկա կրնայ նաեւ բարի լուր ըլլալ քեզի եւ ընտանիքիդ համար։ Ինչպէ՞ս։ Նախ նկատի առնենք թէ իւրաքանչիւր ձիաւոր ի՛նչ կը ներկայացնէ։
ՃԵՐՄԱԿ ՁԻՈՒՆ ՁԻԱՒՈՐԸ
Տեսիլքը այսպէս կը սկսի. «Տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց» (Յայտնութիւն 6։2)։
Ճերմակ ձիուն ձիաւորը ո՞վ է։ Ասիկա կրնանք գիտնալ երբ նկատի առնենք Յայտնութիւն գիրքէն ուրիշ հատուած մը, որ այս երկնաւոր ձիաւորը կը կոչէ՝ «Բանն Աստուծոյ» (Յայտնութիւն 19։11-13)։ Այս տիտղոսը՝ Բանը, կը պատկանի Յիսուս Քրիստոսին, քանի որ Աստուծոյ խօսնակն է (Յովհաննէս 1։1, 14)։ Ասկէ զատ, ան կոչուած է՝ «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց», եւ կը նկարագրուի որպէս «Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ» (Յայտնութիւն 19։11, 16)։ Յստակ է թէ ան հեղինակութիւն ունի որ գործէ որպէս պատերազմող թագաւոր։ Եւ ան չարաչար կամ փտած կերպով չի գործածեր իր զօրութիւնը։ Բայց կարգ մը հարցումներ կը ծագին։
Ո՞վ Յիսուսին հեղինակութիւն կու տայ որ յաղթէ (Յայտնութիւն 6։2)։ Դանիէլ մարգարէն տեսիլք մը տեսաւ, ուր յաւիտեան կենդանի եղող Եհովա * Աստուած «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն» տուաւ Մեսիային, որ «Որդի մարդոյ նման» էր (Դանիէլ 7։13, 14)։ Ուրեմն, Ամենակալ Աստուածն է որ զօրութիւն եւ իրաւունք կու տայ Յիսուսին, որպէսզի իշխէ ու դատաստան ի գործ դնէ։ Ճերմակ ձին յարմարօրէն կը ներկայացնէ Յիսուսին ըրած արդար պատերազմը, քանի որ Սուրբ Գիրքին մէջ ճերմակ գոյնը յաճախ կը գործածուի արդարութիւն ներկայացնելու (Յայտնութիւն 3։4. 7։9, 13, 14)։
Ձիաւորները ե՞րբ սկսան արշաւել։ Նկատէ թէ առաջին ձիաւորը՝ Յիսուս, իր արշաւը կը սկսի երբ պսակ մը կամ թագ մը կը ստանայ (Յայտնութիւն 6։2)։ Լաւ, երկնքին մէջ Յիսուս ե՞րբ սկսաւ թագաւորել։ Ան չթագադրուեցաւ երբ երկինք վերադարձաւ, քանի որ այդ ատեն սկսաւ սպասման ժամանակամիջոց մը (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ թէ ինչպէ՛ս պիտի գիտնային, որ այդ սպասման ժամանակամիջոցը վերջացած է եւ ինք երկնքին մէջ կ’իշխէ։ Ան ըսաւ որ երբ սկսի իշխել, աշխարհին վիճակները լման գէշ պիտի դառնան։ Պիտի ըլլան պատերազմներ, սովեր ու մահտարաժամներ (Մատթէոս 24։3, 7. Ղուկաս 21։10, 11)։ 1914–ին Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսելէ ետք յստակ դարձաւ, որ մարդկութիւնը մտած է այդ տագնապալից ժամանակաշրջանը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կոչուած է «վերջին օրեր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։
Լաւ, 1914–ին Յիսուս թագաւորելու սկսելէ ետք, վիճակները ինչո՞ւ լաւանալու տեղ աւելի գէշ եղած են։ Քանի որ այդ ժամանակ Յիսուս սկսաւ երկնքին մէջ իշխել, եւ ոչ թէ երկրի վրայ։ Ետքը, երկնքին մէջ պատերազմ եղաւ եւ Յիսուս, որ Միքայէլ կոչուած է, երկիր նետեց Սատանան եւ անոր դեւերը (Յայտնութիւն 12։7-9, 12)։ Ատկէ ի վեր Սատանան շատ բարկացած է, գիտնալով որ իր օրերը քիչ են։ Շատ չանցած, Սատանային նկատմամբ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի հոս երկրի վրայ (Մատթէոս 6։10)։ Հիմա տեսնենք թէ միւս երեք ձիաւորները ինչպէ՛ս կը փաստեն, որ իրապէս «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Առաջին ձիաւորը յստակօրէն կը ներկայացնէ որոշ անձ մը, բայց միւս երեք ձիաւորները կը ներկայացնեն համաշխարհային վիճակներ, որոնք տիրած են մարդկութեան վրայ։
ՇԱՌԱԳՈՅՆ ՁԻՈՒՆ ՁԻԱՒՈՐԸ
«Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ» (Յայտնութիւն 6։4)։
Այս ձիաւորը կը ներկայացնէ պատերազմը։ Նկատէ թէ ատիկա խաղաղութիւնը կը տանի ամբո՛ղջ երկրագունդէն, եւ ոչ թէ միայն քանի մը երկիրներէ։ 1914–ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով համաշխարհային պատերազմ մը պայթեցաւ։ Ետքը, երկրորդ համաշխարհային պատերազմ մըն ալ եղաւ, որ շատ աւելի կործանիչ էր։ Կ’ըսուի թէ 1914–էն ի վեր պատերազմներու եւ զինուած բախումներու պատճառաւ, աւելի քան 100 միլիոն մարդիկ մեռած են եւ մեծ թիւով անհատներ շատ գէշ կերպով վիրաւորուած են։
Պատերազմը որքանո՞վ տարածուած է մեր ժամանակին մէջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մարդը կրնայ ամբողջ մարդկութիւնը բնաջնջել։ Նոյնիսկ այն կազմակերպութիւնները որոնց նպատակն է խաղաղութիւնը պահել, ինչպէս՝ Միացեալ ազգերը, չեն կրցած այս ձիաւորին արշաւը կեցնել։
ՍԵՒ ՁԻՈՒՆ ՁԻԱՒՈՐԸ
«Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր’» (Յայտնութիւն 6։5, 6)։
Այս ձիաւորը կը ներկայացնէ սովը։ Այս համարներուն մէջ կ’ըսուի թէ ուտելիքը այնքա՛ն քիչ պիտի ըլլար, որ մէկ կապիճ (0,7 քկ.) ցորենին գինը պիտի ըլլար մէկ դահեկան, որ մէկ օրուան աշխատավարձն էր առաջին դարուն (Մատթէոս 20։2)։ Նաեւ նոյն դրամով կարելի էր գնել երեք կապիճ (2,1 քկ.) գարի, որուն արժէքը ցորենին արժէքէն աւելի ցած էր։ Այս քանակը կրնա՞յ մեծ ընտանիք մը կերակրել։ Նաեւ մարդոց կ’ըսուի որ խնայեն նոյնիսկ ամէնօրեայ ուտելիքները, որոնք համարներուն մէջ նկարագրուած են որպէս ձէթ եւ գինի։
Փաստեր կա՞ն որ 1914–էն ի վեր այս սեւ ձիուն ձիաւորը կ’արշաւէ։ Այո՛։ 20–րդ դարուն ընթացքին, շուրջ 70 միլիոն մարդիկ մահացած են սովի պատճառով։ Հեղինակութիւն մը ըսաւ. «2012-2014–ին՝ 805 միլիոն մարդիկ, այսինքն աշխարհին բնակչութեան գրեթէ 9–էն 1–ը, սննդառութեան մեծ պակաս ունէին»։ Ուրիշ տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Ամէն տարի, անօթութեան պատճառով աւելի մարդիկ կը մեռնին, քան՝ ԷՅՏՍ–ին, մալարիային եւ թոքախտին պատճառով, միասնաբար հաշուըւած»։ Թէեւ շատ ջանքեր կը թափուին որ անօթիները ուտելիք ունենան, բայց սեւ ձիուն ձիաւորը կը շարունակէ արշաւել։
ԴԵՂԻՆ ՁԻՈՒՆ ՁԻԱՒՈՐԸ
«Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը [«Գերեզմանը», ՆԱ] անոր ետեւէն կ’երթար ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով ու երկրի գազաններով սատկեցնեն» (Յայտնութիւն 6։8)։
Չորրորդ ձիաւորը կը ներկայացնէ մահը՝ հիւանդութեան եւ ուրիշ բաներու պատճառով։ 1914–էն քիչ ետք, սպանական կրիփը սպաննեց միլիոնաւոր մարդիկ։ Հաւանաբար շուրջ 500 միլիոն անձեր վարակուեցան այս հիւանդութեամբ, այսինքն՝ այդ ժամանակուան մարդոց 3–էն 1–ը։
Սպանական կրիփէն զատ ուրիշ շատ մը հիւանդութիւններ ալ մահ պատճառեցին։ Մասնագէտներ կ’ըսեն թէ 20–րդ դարուն ընթացքին՝ հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ մահացան ծաղկախտէն։ Մինչեւ այսօր, տակաւին միլիոնաւորներ կը մեռնին ԷՅՏՍ–էն, թոքախտէն եւ մալարիայէն, հակառակ բժշկական յառաջդիմութեան։
Պատերազմները, սովերը կամ մահտարաժամները՝ բոլորն ալ մահ պատճառած են։ Գերեզմանը առանց կենալու զոհերը կը հաւաքէ, եւ ո՛չ մէկ յոյս կու տայ։
ՄԵՐ ԱՌՋԵՒ ԿԱՆ ԼԱՒ ՕՐԵՐ
Մօտ օրէն, հիմակուան գէշ ժամանակը պիտի վերջանայ։ Ասիկա միտքդ պահէ. 1914–ին, Յիսուս «յաղթող էր» եւ Սատանան երկիր նետեց, բայց տակաւին չլմնցուց իր յաղթանակը (Յայտնութիւն 6։2. 12։9, 12)։ Մօտ օրէն, Արմագեդոնին ընթացքին՝ Յիսուս Սատանային ազդեցութիւնը պիտի վերցնէ եւ պիտի կործանէ անոր մարդկային հետեւորդները (Յայտնութիւն 20։1-3)։ Յիսուս ոչ միայն պիտի կեցնէ միւս ձիաւորներուն արշաւը, հապա նաեւ անոնց պատճառած հետեւանքներուն տեղ լաւ բաներ պիտի ընէ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ։
Պատերազմին տեղ՝ խաղաղութիւնը պիտի տիրէ։ Եհովան «պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ» (Սաղմոս 46։9)։ Իսկ խաղաղասէր մարդիկը «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11)։
Սովին տեղ՝ շատ ուտելիք պիտի ըլլայ։ «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ)։
Հիւանդութեան եւ մահուան տեղ՝ կատարեալ առողջութիւն եւ յաւիտենական կեանք պիտի ըլլան։ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4)։
Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, շատ գեղեցիկ կերպով ցուցուց թէ վիճակները ինչ պիտի ըլլան ապագային իր իշխանութեան տակ։ Ան խաղաղութիւն քաջալերեց, հրաշքով կերակրեց հազարաւորներ, հիւանդները բժշկեց եւ նոյնիսկ մեռնողները կեանքի բերաւ (Մատթէոս 12։15. 14։19-21. 26։52. Յովհաննէս 11։43, 44)։
Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի ցուցնելով քու Սուրբ Գիրքիդ միջոցաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս պատրաստ ըլլալ երբ այդ ձիաւորներուն արշաւը վերջանայ։ Կ’ուզե՞ս աւելին գիտնալ։