Եհովայի վկաները քրիստոնեա՞յ են
Այո՛, հետեւեալ պատճառներով.
Մենք կը ջանանք Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումները կիրարկել եւ իր օրինակին մօտէն հետեւիլ (Ա. Պետրոս 2։21)։
Մենք կը հաւատանք թէ Յիսուս փրկութեան միջոցն է եւ թէ «անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12)։
Անհատ մը Եհովայի վկայ ըլլալու համար, Յիսուսի անունով կը մկրտուի (Մատթէոս 28։18, 19)։
Մենք Աստուծոյ կ’աղօթենք Յիսուսի անունով (Յովհաննէս 15։16)։
Մենք կը հաւատանք, թէ Յիսո՛ւսն է Գլուխը, այսինքն՝ ան նշանակուած է հեղինակութիւն ունենալու իւրաքանչիւր անհատի վրայ (Ա. Կորնթացիս 11։3)։
Բայց շատ մը կերպերով կը տարբերինք քրիստոնեայ կոչուող այլ կրօնական խումբերէ։ Օրինակ, մենք կը հաւատանք թէ ըստ Աստուածաշունչին՝ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է եւ ոչ թէ Երրորդութեան մէկ մասը (Մարկոս 12։29)։ Նաեւ մենք համոզուած ենք, թէ աստուածաշնչական հիմ մը չկայ թէ հոգին անմահ է, թէ Աստուած մարդիկ յաւիտեան կը տանջէ դժոխքին մէջ, կամ թէ անոնք՝ որոնք կրօնական գործունէութիւններու մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն՝ պէտք է ունենան տիտղոսներ, որոնք զիրենք ուրիշներէն բարձր կը դասեն (Ժողովող 9։5. Յակոբոս 5։20. Մատթէոս 23։8-10)։