Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ժամադրուելու նկատմամբ օրէնքներ ունի՞ն

Եհովայի վկաները ժամադրուելու նկատմամբ օրէնքներ ունի՞ն

 Եհովայի վկաները կը հաւատան որ աստուածաշնչական սկզբունքներն ու պատուէրները կրնան մեզի օգնել առնելու որոշումներ, որոնք Աստուած կը հաճեցնեն եւ մեզի կ’օգտեն (Եսայի 48։17, 18)։ Ճիշդ է որ այս սկզբունքներն ու պատուէրները մենք չհնարեցինք, բայց անոնց համաձայն կ’ապրինք։ Նկատի առ թէ ասոնցմէ ոմանք ինչպէ՛ս առնչուած են ժամադրուելուն a։

  •   Ամուսնութիւնը յարատեւ միութիւն մըն է (Մատթէոս 19։6)։ Քանի որ մենք՝ Եհովայի վկաներս, ժամադրուիլը ամուսնութեան առաջնորդող քայլ մը կը նկատենք, զայն լուրջի կ’առնենք։

  •   Ժամադրութիւնը միայն անոնց համար է, որոնք բաւարար չափով հասուն են ամուսնանալու։ Այսպիսիներ «երիտասարդութեան ծաղկուն շրջան»էն կամ սեռային բուռն ցանկութիւններու շրջանէն անցած են (Ա. Կորնթացիս 7։36, ՆԱ

  •   Ժամադրուող անհատները պէտք է ազատ ըլլան ամուսնանալու։ Անոնք՝ որոնք օրինապէս ամուսնալուծուած են, ազատ չեն նորէն ամուսնանալու, քանի որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ամուսնալուծման միակ հիմնական պատճառը սեռային անբարոյութիւնն է (Մատթէոս 19։9

  •   Ամուսնանալ փափաքող քրիստոնեաներուն պատուէր կը տրուի որ միայն հաւատակիցի մը հետ ամուսնանան (Ա. Կորնթացիս 7։39)։ Անոր համար, Եհովայի վկաները հաւատակից կը նկատեն ոչ թէ այն անհատը որ իրենց հաւատալիքները կը յարգէ, այլ ան որ այդ հաւատալիքները կ’ընդունի եւ կը կիրարկէ որպէս մկրտուած Վկայ (Բ. Կորնթացիս 6։14)։ Աստուած միշտ պատուիրած է որ իր երկրպագուները ամուսնանան միայն իրենց հաւատակիցներուն հետ (Ծննդոց 24։3. Մաղաքիա 2։11)։ Այս պատուէրը նաեւ գործնական է, ինչպէս արդի ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան b։

  •   Զաւակները պէտք է իրենց ծնողներուն հնազանդին (Առակաց 1։8. Կողոսացիս 3։20)։ Ուստի ծնողներու հետ ապրող զաւակները պէտք է ժամադրութեան վերաբերեալ իրենց ծնողքին որոշումներուն հնազանդին։ Ծնողները թերեւս որոշեն թէ իրենց տղան կամ աղջիկը ո՛ր տարիքին կրնայ ժամադրուիլ եւ մտերմութեան շրջանը ինչպէ՛ս անցընել։

  •   Աստուածաշնչական սկզբունքներով առաջնորդուելով, Վկաները անձնապէս կ’որոշեն ժամադրուիլ կամ ոչ եւ որո՛ւն հետ։ Ասիկա ներդաշնակ է այս սկզբունքին հետ. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ Ասով հանդերձ, շատեր իմաստութիւն ցոյց կու տան, երբ հոգեւորապէս հասուն Վկաներու խրատը կը հայցեն (Առակաց 1։5

  •   Շատ մը բաներ, որոնք ժամադրութեան ժամանակ սովորական կը համարուին, իրականութեան մէջ լուրջ մեղքեր են։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը պատուիրէ որ սեռային անբարոյութիւն չընենք։ Ասիկա ո՛չ միայն կը պարփակէ սեռային յարաբերութիւն, այլ նաեւ չամուսնացած անհատներու միջեւ ուրիշ անմաքուր արարքներ, ինչպէս՝ անհատի մը սեռային անդամները շոյել կամ բերանային կամ սրբանային սեռի միջամուխ ըլլալ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Նոյնիսկ երբ չամուսնացած անհատներ սեռային ցանկութիւններ արթնցնող արարքներ գործեն, ինչ որ զիրենք սեռային անբարոյութեան սեմին կը մօտեցնէ, Աստուած կը տհաճեցնեն (Գաղատացիս 5։19-21)։ Աստուածաշունչը նաեւ կը դատապարտէ «անհամեստ խօսքեր» բովանդակող անբարոյ զրոյցներ (Կողոսացիս 3։8

  •   Սիրտը կամ ներքին մարդը խաբեբայ է (Երեմիա 17։9)։ Անիկա կրնայ անհատը մղել ընելու բաներ, որոնք գիտէ թէ սխալ են։ Թոյլ չտալու համար որ իրենց սիրտը զիրենք խաբէ, ժամադրուող զոյգերը կրնան խուսափիլ փորձիչ կացութիւններու մէջ մինակ մնալէ։ Անոնք թերեւս որոշեն իրենց ժամանակը անցընել խմբովին կամ երրորդ անձի մը ընկերակցութեամբ (Առակաց 28։26)։ Ամուրի քրիստոնեաներ, որոնք կողակից կը փնտռեն, գիտեն որ վտանգաւոր է համացանցով ժամադրուիլ, մանաւանդ յարաբերութիւն մը զարգացնել անհատի մը հետ, որուն մասին շատ քիչ բան գիտեն (Սաղմոս 26։4

a Կարգ մը մշակոյթներու մէջ ժամադրուիլը ընդունելի է, իսկ ուրիշներու մէջ՝ ո՛չ։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ ամուսնանալու համար ժամադրուիլը պայման է։

b Օրինակ, պարբերաթերթի մը մէկ յօդուածը նշեց, թէ «երկարատեւ ամուսնութիւններու առնչութեամբ երեք վստահելի ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են թէ նոյն կրօնական համոզումները, հաւատքը եւ հաւատալիքները ունենալը կարեւոր ազդակ են երկարատեւ ամուսնութիւն ունենալու համար (25-50 տարի եւ աւելի)» (Marriage & Family Review, հատոր 38, թիւ 1, էջ 88, (2005))։