Եհովայի վկաները մարդիկը կը ստիպե՞ն որ իրենց կրօնքը փոխեն
Ո՛չ։ Մեր գլխաւոր պարբերաթերթին՝ Դիտարան–ին մէջ նշած ենք. «Իրենց կրօնքը փոխելու համար մարդոց վրայ ճնշում բանեցնելը սխալ է» a։ Մենք մարդիկը չենք ստիպեր հետեւեալ պատճառներով.
Յիսուս բնաւ մարդիկը չստիպեց որ իր ուսուցումները ընդունին։ Ան գիտէր թէ քիչեր իր պատգամին պիտի ընդառաջէին (Մատթէոս 7։13, 14)։ Երբ իր աշակերտներէն ոմանք իր ըսածներէն գայթակղեցան, ան զիրենք չստիպեց որ մնան, այլ ձգեց որ երթան (Յովհաննէս 6։60-63, 66-69)։
Յիսուս իր հետեւորդներուն չսորվեցուց որ մարդոց վրայ ճնշում բանեցնեն իրենց հաւատալիքները փոխելու։ Փոխանակ մարդիկը ստիպելու որ Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունին, իր աշակերտները պէտք էր մտիկ ընող ականջներ փնտռէին (Մատթէոս 10։7, 11-14)։
Ստիպողաբար եղած կրօնափոխութիւնը անիմաստ է, քանի որ Աստուած միայն կ’ընդունի սրտանց մատուցուած պաշտամունքը (Բ. Օրինաց 6։4, 5. Մատթէոս 22։37, 38)։
Մենք մարդիկը հաւատափո՞խ կ’ընենք
Մենք Աստուածաշունչին պատգամը կը տարածենք «մինչեւ երկրին ծայրերը», քարոզելով «հրապարակաւ եւ տունէ տուն» (Գործք 1։8. 10։42. 20։20, ՆԱ)։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն նման, երբեմն մեզ կ’ամբաստանեն որ մարդիկը անօրէն կերպով հաւատափոխ կ’ընենք (Գործք 18։12, 13)։ Բայց այդ ամբաստանութիւնները սխալ են։ Մենք մեր հաւատալիքները ուրիշներուն չենք պարտադրեր։ Փոխարէն կը գիտակցինք որ մարդոց պէտք է առիթ տրուի գիտութիւն առնելու եւ անոր հիման վրայ որոշում առնելու։
Մենք մարդիկը չենք ստիպեր որ իրենց կրօնքը փոխեն, ո՛չ ալ կրօնական դիմակով քաղաքական գործունէութիւն մը կը կատարենք կամ նոր անդամներ շահելու համար նիւթական կամ ընկերային նպաստներ կ’առաջարկենք։ Միւս կողմէ, կան մարդիկ՝ որոնք կը դաւանին որ քրիստոնեայ են, բայց այսպիսի արարքներ գործելով Քրիստոսը կ’անպատուեն b։
Անհատ մը իրաւունք ունի՞ իր կրօնքը փոխելու
Այո՛, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ մարդիկ իրաւունք ունին իրենց կրօնքը փոխելու։ Անիկա կը խօսի շատերու մասին, որոնք իրենց ազգականներուն կրօնքը չորդեգրեցին եւ որոշեցին ճշմարիտ Աստուածը պաշտել։ Աբրահամ, Հռութ, աթենացիներէն ոմանք եւ Պօղոս առաքեալ միայն քանի մը օրինակներ են (Յեսու 24։2. Հռութ 1։14-16. Գործք 17։22, 30-34. Գաղատացիս 1։14, 23)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը նոյնիսկ կ’ըսէ, թէ անհատ մը իրաւունք ունի Աստուծոյ ընդունելի պաշտամունքը լքելու անխոհեմ որոշումը առնելու (Ա. Յովհաննէս 2։19)։
Կրօնք փոխելու իրաւունքին թիկունք կը կանգնի Մարդկային իրաւանց համաշխարհային հռչակագիր–ը, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կոչած է՝ «մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրէնքին հիմը»։ Այդ հռչակագիրը կը նշէ, թէ ամէն մարդ «իրաւունք ունի իր կրօնքը կամ հաւատալիքը փոխելու» եւ «փնտռելու, ստանալու եւ բաժնելու տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ», ներառեալ՝ կրօնական գաղափարներ c։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ այն իրողութիւնը թէ ամէն մարդ պէտք է յարգէ իր հաւատալիքները պահպանելու եւ գաղափարներ մերժելու ուրիշին իրաւունքը։
Կրօնափոխութիւնը ընտանեկան սովորութիւնները կ’անպատուէ՞
Այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Աստուածաշունչը բոլորին հանդէպ յարգանք կը քաջալերէ, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց կրօնքը (Ա. Պետրոս 2։17)։ Ասկէ զատ, Եհովայի վկաները կը հնազանդին ծնողները պատուելու Աստուածաշունչին խրատին, նոյնիսկ եթէ անոնք տարբեր հաւատալիքներ ունին (Եփեսացիս 6։2, 3)։
Սակայն ամէն մարդ ասոր հետ չի համաձայնիր։ Կին մը, որ Զամպիոյ մէջ մեծցաւ, կը պատմէ. «Մեր մօտ կրօնք փոխելը... անհաւատարիմ արարք կը նկատուէր. ընտանիքի եւ համայնքի դաւաճանութիւն»։ Ան այս խնդիրը դիմագրաւեց, երբ իր պատանի տարիքին սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Եհովայի վկաներուն հետ եւ անկէ քիչ ետք որոշեց իր կրօնքը փոխել։ Ան կ’ըսէ. «Ծնողներս միշտ ինծի կ’ըսէին որ ինձմէ շատ դժգոհ են եւ թէ զիրենք յուսախաբ կ’ընէի։ Ասիկա ինծի համար շատ դժուար էր, քանի որ ծնողքիս հաճութիւնը ունենալը ինծի համար շատ կարեւոր է... Եհովային հաւատարիմ մնալս, եւ ոչ թէ կրօնական աւանդութիւններու, չի նշանակեր թէ ընտանիքիս անհաւատարիմ եմ» d։
b Օրինակ, շուրջ Ք.Ա. 785–ին Շարլըմանը հրովարտակ մը հանեց, ըստ որուն մահապատիժի պիտի ենթարկուէին Սաքսոնիոյ մէջ անոնք, որոնք կը մերժէին որպէս քրիստոնեայ մկրտուիլ։ Նաեւ, Օկսպուրկի հաշտութիւնը, որ Ք.Ե. 1555–ին Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան մէջ պատերազմող խումբերու կողմէ ստորագրուեցաւ, պայման դրաւ որ իւրաքանչիւր իշխան պէտք է կա՛մ հռոմէական կաթողիկէ ըլլայ, կամ ալ՝ լուտերական եւ թէ իր իշխանութեան տակ գտնուողները պէտք էր իր կրօնքը որդեգրէին։ Ով որ կը մերժէր իշխանին կրօնքը որդեգրել, իրմէ կը խնդրուէր երկրէն դուրս գաղթել։
c Նոյնանման իրաւունքներ պարփակուած են՝ Մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւանց ափրիկեան կանոնադրութեան, Մարդու իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու ամերիկեան յայտարարութեան, Մարդու իրաւունքներու 2004–ի արաբական կանոնադրութեան, Հարաւ–արեւելեան ասիական ազգերու միութեան մարդկային իրաւունքներու յայտարարութեան, Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրին եւ Քաղաքային եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշինքին մէջ։ Սակայն նոյնիսկ այն ազգերը, որոնք կը դաւանին թէ այսպիսի իրաւունքներ կը հայթայթեն, այդքան ալ իրենց խոստումին համաձայն չեն գործեր։
d Ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ անունը Եհովա է։